Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,
Որ աւազահողմի հարուածներէն կը հալածուի,
Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով՝
Չորս պատերուն մէջ խաւարտչին խռնուեցանք...։
Ապառի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,
Շշուկ չըկար, շնչող չըկար, շրթունքները փակ էին,
Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,
Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին...։
Արեւածագէ մը մինչ արեւածագըն յաջորդ,
Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն
պէս՝
Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն
երկաթեցինք...։
Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը
կոտորելու մտածումով՝
Մեզմէ շատերն սկսան մոլէգնօրէն, իրենց մատները
կրծոտե՜լ...
Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր
աչքերուն կ՚երկարէր...։
Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ
բարբարոսներ՝
Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չըյոգնած,
Մեր թաքստոցը փնտռելով՝, մեր մահը դեռ
կ՚ուզէին...։
Եւ գետնափորի մութերուն մէջ մահացնոր՝
Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, էր որ
լսեցինք,
Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու,
Կայծակնապար շառաչիւնն որ արեւին տակ կը
վառէր...
Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներուն
վրայ,
Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար
կ՚իյնային,
Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝
Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կուգային մեզ ցնորել։
Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան թագաղի մը
պէս կը փակուէր՝
Վէրը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն
վար սուզուելով...
Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթիլ մեր դէմքերուն վրայ
ծորիլ...։
Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.
Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի
ըլլար.
Որոշման մը, եղէռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար
մեզի,
Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը ալ վերջապէս փսփսաց...
— Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են.
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել
տուի...։
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք
վճռեցէ՛ք...
— Պէտք է խեղդե՛լ, ըսաւ մէկը իր բազուկն
բարկութեամբ մը երկարելով.
— Պէտք է խեղդե՛լ... փսփսացինք քառասուն անձ
նոյն ատեն...
— Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս ...
— Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը
փորեն...
— Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը
փորեն...
— Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ...
— Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմ
կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս...
Ու հայ մայրն իր վզին հետ՝ զաւկին վիզը մութին
մէջէն մեզ երկարեց...
Խաւարին մէջ, երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն
սեղմեցին...։
Լռութիւնն, այս անգամ, նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։
Ես, րոպէ մը, կարծեցի որ բոլորս մէկ արժանապէս
մահացանք...։
Պահ մը յետոյ՝ խաբուած մարդու հայհուչներով
տղմաթաթաւ,
Զգացինք որ արիւնախում խուժանը յուսահատած,
կը հեռանար...։
Փրկութի՞ւնն էր մեզի հասած։ Ստրուկները կը
փրկըւի՞ն։ Ա՞յսպէս պէտք է փրկըւիլ...։
Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝
ճամբաներուն վրայ կեցած,
Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛ն
Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս
կ՚աղաղակէ...
— Սա ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս.
Ես էի որ ասոնցմով նկուղին մէջ, իմ նորածինըս
խեղդեցի...
Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեղդեցի, ի՜նչ անարդար
մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ոյժովըս
խեղդեցի...
Սիրտ չունի՞ք դուք, խեղդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերը ալ
ոյժ չունին...։