Հարցումներ

Ի՞նչ ապրանքանիշի թթվասեր եք օգտագործում ձեր խոհանոցում







* Код  

Տես ավելին...

Սուրբին աղօթքը

Սուրբին աղօթքը
Լո՜յս տուր ինծի, Աստուա՜ծ անհերքելի,
Տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ,
Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծի՛չ,
Շունչի՛ մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն,
Սուրբ Սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ`
Իր մշուշապատ մեծ երազին`
Քու ձեռքերէդ յստակութիւն կաղերսէ...

Օգնէ՜ ինծի, մեծապարգե՜ւ իմաստութիւն,
Ես` անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ,
Ես` եղկելի մահկանացու, ես տժգոյն տնտես`
Հայկազնեան ահեղ ցեղին…
Ես` տգէտ դպիր եւ անվաւեր վարդապետ,
Ես` անծածան դրօշ հաւատացեալ ամբոխներուդ,
Ես` անօժիտ վերածնո՛ղ եւ անանձրեւ այգեպան,
Ես` կոյր աղբիւր եւ կորաքամակ ճանապարհորդ,
Ես` անարժան օրհնաբան անվերջ փառքիդ,
Իմ անդպիր հօտիս համար լո՜յս կ’աղերսեմ…

Օգնէ՜ ինծի, Աստուա՜ծ բիւրեղ…
Ես` ողորմելի որոնիչ եւ անհետեւանք խուզարկու,
Ես` անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ,
Ես` անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր,
Դառնաժպիտ թափառական եւ աշակերտ անբանիբուն,
Երազատես մոլորեալ եւ անտաղանդ անրջող,
Ես` սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ,
Ես` իմ հոգիիս հանդէպ փշրող երկա՜թ ալիք,
Ես` գերեզմանի՜ պահապան եւ մեռելո՜ց հաշուակալ,
Ես` հրեղէն հացիդ կարօ՜տ ցորենաքաղ...
Ես` աներդիք գիշերող եւ անսափոր ծարաւի,
Ես` մենաւոր մշակ տատասկներու մէջ կորուսեալ,
Ես` անճառագայթ աղջամուղջ. ես անլար քնար,
Դեռ անբարբառ Հայկազնեաց հոգիին`
Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ’աղերսեմ…

Օգնէ՜ ինծի, Տարրերու հայր,
Ես` աչք աղօտ եւ տեսողութիւն անթափանց,
Ունայնամիտ ունկնդիր եւ չարալուր ականջ,
Աններդաշնակ երաժիշտ եւ մեղկաձայն երգիչ…
Ես` անհողագործ դաշտօրայ, շտեմարան թափուր,
Մեղանասպաս անհաց եւ ցամաքեալ գինեբաշխ,
Ես` անկոչ հրաւիրեալ Յիսուսական հարսանիքին,
Ես` անձէթ լուսարար եւ անմատեան մտածող,
Եւ անգորով գգուիչ եւ սիրազուրկ սիրահար,
Ես` անհրապոյր քարոզիչ եւ քարկոծեալ քրիստոնեայ,
Օժիտաբեր աղքատ եւ անոսկի հարուստ…
Ես` անհամբոյր շրթունք եւ հոգեզուրկ հեծեծող,
Ես` սի՛րտ անսէր եւ կուսութիւն անկատար,
Ես` անբեւեռ քալող եւ երերուն ուղեւոր...
Քու փրկութեան փարոսներէդ կաթի՜լ մը լոյս տուր ինծի…
Եւ երկնային դուռներուդ հետ հոգեկան
Կեանքին դռները դրախտին պէս թող բացուին…

Օգնէ՜ ինծի, անծի՜ր Աստուած…
Ես` անկարկաջ առուակ եւ խափանեալ ջրվէժ…
Ես` ուսուցիչ անուս եւ վարանեալ վարդապետ,
Ես` դպրութեանց դեռ անպսակ տնօրէն,
Ես` խեղճերու հանդէպ ինկո՜ղ վարագոյր...
Ես` որմ մթաշէն, գեհենական բանտարկեալ,
Ես` շիւղ կորուսեալ, հո՜ւն անպարգեւ…
Մացառապատ կածան, օձապտոյտ գետնուղի…
Ես` անհիւրընկալ օթեւան եւ անբազմոց մահամերձ…
Լապտերիդ լոյսը մի՛ մերժեր ինձ…:

Օգնէ՜ ինծի, համագումար Սկզբունք,
Մկրտութեան ես անմիւռոն աւազան,
Ես` աղօթքի կիսակործան գաւիթ,
Ես` անօրազուրկ հողագործ, անգերանդի հնձող,
Ես` անբոյր օծանող եւ դառնահամ իւղ,
Ես` անբալասան բժիշկ եւ պապակեալ պատրոյգ,
Ես` հողմակոծ անտառ եւ արտասուաթոր ուռենի…
Ես` անտ ատաղձ եւ բորբոսեալ գերան,
Ես` հողաշէն բուրվառ եւ անծխելի խունկ,
Ես` անողկոյծ որթառունկ եւ վարակեալ վարսակ,
Ես` անճշմարիտ ճակատ եւ անուղիղ ձեռք,
Ես` անկարող կարգաւոր եւ աննշխար քահանայ,
Ես` մենութեանս մէջ մխացող անկարաւան անապատ,
Այցելութիւ՜ն տուր ինձի...:

Օգնէ՜ ինծի, ո՜վ անբաղդատ Օրէնք,
Ես` վարանոտ մարդ եւ յուսահատ անձ…
Ես` ահաբեկ անհատ եւ շուարած շնչաւոր,
Ես` տարակոյսին մէջ տատանող հողմահալած,
Անլսելի աղաղակ եւ անարձագանգ շեփոր…
Ես` գօս տերեւ` աշուններէն վա՜ր ինկող...
Ես` չորացեալ ճիւղ եւ անհոտաւէտ վարդենի,
Ես` ուշիմութեան ուրուական,
Ես` կարճիմաստ իմացական եւ խոնարհած խելք,
Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող`
Քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման
Ես` Աստուածաշունչ մեծ Մատեանիդ
Օդարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ...

Օգնէ՜ ինծի, անծայրածիր Ծանօթութիւն,
Գերազծօր Տէր, անհուն հնարիչ,
Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,
Ջուր երկնային, անանջրապետ հոգի,
Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք,
Ճանաչումի դու ծածկողդ լուսեղէն
Իմ կործանեալ ուսիս վրա թող ծածանի,
Եւ` հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու
Այս իրիկուան, քառասներորդ գիշերին`
Աստուա՜ծ անհեղլի[1], Աստուա՜ծ անափունք,
Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ,
Հոն իմ գիւտս խմորելու…:
Если вы заметили ошибку, выделите текст и нажмите Ctrl+Enter, чтобы сообщить об этом администрации сервиса.

Այս բաժնում կարդացեք նաև

  Մեկնաբանություններ 0

Top