Սպասումիս եւ Յոյսիս քաղցրութեանը հետ, մինակ էի այդ իրիկուն,
Եւ Փրկութեան ու Տառապանքի նԺարովը ՝ Հայրենիքին բախտը կը կշռէի...
Երբ ՝ հեռակայ տանս դուռը, գիշերուան սարսափին մէջէն, ուԺգնապէս բախեցին.
Եւ Ժպտուն ՝ ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ, եղբայրադէմ եւ ահաւոր...։
Երիտասարդ էր։ Աչուըներուն կայծը, երկնքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,
Եւ հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն էր կերտուած...
Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ...
Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկըներն ունէին։
Մտերմաբար քովքովի, Հայրենիքին տառապանքէն կը խօսէինք,
Իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր...
Նայուածքները նայուածքներուս մէջ, նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը փնտռեցին...
Եւ մեր տրտում Ժպիտները հոգիէ հոգի մեղմօրէն ճառագայթուեցան։
ժամերով լռին էր։ Լռին էի։ Յիշատակի հեծեծանքներ մեր աչքերը թրջեցին...
Եւ լամբարիս կապոյտ լոյսը, սեղանիս վրան, այլեւս արիւններու նման վար կը թորար...
ՏԺգունեցայ ես՝ ինչպէս երազ մը որ առաւօտին երեւումէն կանհետի...
Բայց ինք՝ հերոսատիպ եւ հպարտ, ձեռքս ձեռքին մէջ՝ ոտքի՝ ինծի ըսաւ...։
- «Այս իրիկուն՝ հաւատքի եւ հրաԺեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր,
Երիվարս թամբած եմ արդէն՝ եւ կեանքի ու կռիւի տենդէն՝ դուռիդ առջեւը կը վրնջէ...
Եւ տե՛ս հասակէս վար անբիծ սուրս մերկ է, մերկութեամբը գերմարդկային վճիռներուն։
Ճակատդ շրթունքիս մօտեցո՛ւր...հաւատքի եւ հրաԺեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր։
«Եւ դուն սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան, ցեղին ցաւը եւ ցեղին ոյԺը բանաստեղծէ,
Ապագայ սերունդներուն եւ մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր.
Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնաս բարեա՜ւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կերթամ...
Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ, երգ մը, ես երգելո՜վ կուզեմ մեռնիլ»...